ՄԵԾԱՐԱՆՔ` Ի ՊԱՏԻՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԱՐ ԳԷՈՐԳ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆԻ

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հովանիին ներքեւ գործող Հայ Օգնութեան Ֆոնտը (ՀՕՖ)« նախագահութեամբ թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան« մեծարանքի երեկոյ մը կազմակերպած էր ի պատիւ ՀՕՖ-ի հիմնադիր« նախկին ատենապետ եւ այժմու պատուոյ ատենապետ Տիար Գէորգ Յովնանեանի:

Տիար Յովնանեան այն բացառիկ անձնաւորութիւններէն մէկն է որ տարիներ շարունակ« սիրայօժար կերպով« իր բարոյական եւ մեծագումար նիւթական աջակցութիւնը բերած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Հայրենիքի բարօրութեան եւ զարգացման ի նպաստ: Շնորհիւ իր անխոնջ ջանքերուն եւ առաջնորդութեան հիմնուած է Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հովանիին ներքեւ գործող Հայ Օգնութեան Ֆոնտը. այն կազմակերպութիւնը` որ ամենէն աւելի օգնութեան ձեռք երկարած է Հայաստանին` 1988 թուականի ահաւոր երկրաշարժէն ետք:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ Նոյեմբեր 18« 2007« երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ` աշխարհահռչակ Նիւ Եորք Հանրային Գրադարանի շքեղ սրահին մէջ« որուն մուտքին հիւրերը կը դիմաւորէր ՀՕՖ-ի վարիչ-տնօրէն Տիար Գառնիկ Նանակիւլեան:

Մօտ 300 ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Տիար Վարդան Ոսկանեան« Հայաստանի ԱՄՆ-ի դեսպան Տիար Ճան Էվընզ« ԱՄՆ-ի առաջին դեսպան տիար Հարրի Կիլմոր« ԱՄՆ-ի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Թաթուլ Մարգարեան« ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Արմէն Մարտիրոսեան« Քարնէկի Կազմակերպութեան նախագահ` ինչպէս նաեւ Պրաուն Համալսարանի եւ Նիւ Եորք Հանրային Գրադարանի նախկին նախագահ Տիար Վարդան Կրեկորեան« Խղճմտանքի Կոչ Հիմնարկութեան հիմնադիր Րաբբի Արթըր Շնայըր« ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներէն Դոկտ. Մովսէս Աբէլեան« ծանօթ աստղաբնագէտ Դոկտ. Երուանդ Թէրզեան« Նիւ Ճըրզի նահանգի նախկին կարավարիչ Պրէնտըն Պըրն« ինչպէս նաեւ Հայ եւ ոչ-հայ ծանօթ անձնաւորութիւններ եւ գործարարներ:

Ամերիկեան եւ հայկական օրհներգներէն ետք` բացման աղօթքը արտասանեց Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Թեմական Պատուիրակ եւ Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ Գերշ. Տ. Վիգէն Եպս. Այգազեան:

Մեծարանքի այս ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավար եւ ՀՕՖ-ի այժմու ատենապետ Տիար Ռանտի Սապահ-Կիւլեան: Ան ըսաւ. «Մենք այսօր կը պատուենք մեծ մարդ մը« մեծ հայր մը եւ մեծ բարերար մը« որուն սիրտը այս սրահին չափ մեծ է: . . . Երկրաշարժէն ետք երբ ան Հայաստան այցելեց« տեսաւ որ կատարուելիք աշխատանքը միայն մէկ օրուան գործ չէր« ան գիտէր որ երբ մէկուն ձուկ կու տաս` ան այդ օրուան ընթրիքը պիտի ունենար« սակայն կարեւորը այն էր որ այդ անձը ձկնորսութիւն սորվէր` որպէս զի ինքնաբաւ ըլլար: Ան հիմնադիրներէն եղաւ Հայ Օգնութեան Ֆոնտին` որպէս զի երկարատեւ ժամանակով օգտակար հանդիսանար Հայաստանին:»

Տիար Հարրի Կիլմոր« որ Միացեալ Նահանգաց առաջին դեսպանն էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ունէր աւելի քան 35 տարիներու դիւանագիտական փորձառութիւն« յիշեց իր առաջին հանդիպումը Տիար Յովնանեանի հետ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի կեդրոնին մէջ` նախ քան իր նոր պաշտօնին ձեռնարկելը: Իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայ Օգնութեան Ֆոնտը Գէորգ Յովնանեանի զաւակն է« իր ջանքերուն շնորհիւ այդ կազմակերպութիւնը ան բարձրացուց իր այսօրուան գնահատելի վիճակին:» Ան մէջբերումներ ըրաւ Վահան Թէքէեանի« Գէորգ Էմինի եւ Վահան Տէրեանի բանաստեղծութիւններէն: Յիշեց թէ ի°նչ վիճակ կը ներկայացնէր Հայաստանը` երբ ինք պաշտօնի ձեռնարկեց. ելեքտրականութիւն« ջուր« տաք ջուր չկային եւ երկրշարժէն ետք շատեր փայտաշէն կամ թիթեղաշէն տնակներու մէջ ապաստանած էին: Ազըրպէյճանի շրջափակումը փճացուցած էր Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ չորս միլիոն հայերը կը գտնուէին ազգային մեծ աղէտի եզրին: «Սակայն մթնոլորտը այդ օրերուն իսկ յուսահատական չէր« որովհետեւ ժողովուրդը ունէր վերապրելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու կորովը« քաջութիւնը« վճռականութիւնը» ըսաւ Տիար Կիլմոր« որ իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ բառերով. «Կեցցէ° Գէորգ Յովնանեանը« կեցցէ° Հայ Օգնութեան Ֆոնտը եւ կեցցէ° ազատ« անկախ Հայաստանը»: Երկարատեւ եւ յոտնկայս ծափահարութիւններով դիմաւորուեցաւ դեսպամ Կիլմորի խօսքը:

Դարձեալ երկարատեւ եւ յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ դեպան Ճան Էվընզի ներկայութիւնը:

Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ Տիար Յակոբ Գույումճեան գնահատեց Յանձնախումբի անդամներուն նուիրեալ աշխատանքը եւ ըսաւ որ մէկ միլիոն տոլարէ աւելի հանգանակուած է ի պատիւ Տիար Գէորգ Յովնանեանի` որ ՀՕՖ-ի գլխաւոր ղեկավարն է: Ըսաւ որ ան նախաձեռնութեան ոգի եւ գործառնութեան մասնաւոր յատկութիւն ունի. անոր հաստատած ընկերութիւնը ամնողջ Ամերիկայի տուն կառուցող ութը ընկերութիւններէն մէկն է: Յիշեց անունները Ամերիկայի եւ Հայաստանի մէջ այն կառոյցներուն` որոնք բարձրացած են շնորհիւ Տիար Յովնանեանի տեսիլքին եւ նիւթական օժանդակութեան:

Օրուան մեծարեալին եւ տիկնոջ` Սիրվարդի որդին եւ Գէորգ Յովնանեան Ընկերութեան տնօրէն Արա Յովնանեան ներկայացուց իրենց ընտանեկան կեանքէն պատկերներ: Ան ըսաւ. «Հայրս միշտ յանդուգն մտածող մը եղած է. ան ինծի սորվեցուցած է “քու խօսքդ քու երաշխաւորագիրդ է“: Ես իրմէ շատ բան սորվեցայ` քան թէ դպրոցներէն: Ան երազ մը ունէր եւ ամէն ջանք թափեց որպէս զի այդ երազը իրականանայ: Ապա« իր ուշադրութիւնը դարձուց իր ունեցած բարիքներէն բաժին հանելու իր ազգակիցներուն եւ ամերիկացի ժողովուրդին: Ան փառք չէր փնտռեր: Իմ հայրս եւ մայրս մեզի սորվեցուցին սէրը« հաւատարմութիւնն ու նուիրումը:»

Հայրենի երգիչ Սերկէյ Բարսեղեան« դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Իվան Սոլոմոնի« ներկայացուց կարգ մը երգեր:

Բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց Նախարար Տիար Վարդան Ոսկանեան« որ Նիւ Եորք եկած էր յատկապէս ներկայ գտնուելու համար մեծարանքի այս երեկոյթին: Տրուած ըլլալով որ ան Գերմանիայէն կու գար« ուր գացած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Ռոպերթ Քոչարեանի հետ« նախ Տիար Յովնանեանին փոխանցեց Հայաստանի Նախագահին ողջոյնները եւ համայն հայ ժողովուրդի բարեմաղթութիւնները: «Հայ-Ամերիկեան մեծագոյն յաջողութեան պատմութիւնը կը ներկայացնէ ան» ըսաւ տիար Նախարարը եւ յիշեց Տիար Յովնանեանի բարեգործութիւնները Մայր Հայրենիքի մէջ` գլխաւորաբար Հայաստանի երկրաշարժէն ետք: 1992 թուականին երբ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակը ծածանեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ` Հայաստանի կարիքները փոխուեցան. ան կարիքը ունեցաւ բարերարութեան եւ ոչ թէ ողորմութեան: «Բոլոր հայերու երազը իրականացած էր. մենք դարձած էինք ազգ մը պետականութեամբ: Մեր ինքնութիւն ալ բարեփոխուած էր: Մենք կարիքը ունինք ժողովրդավարական« հզօր եւ բարեբեր Հայաստանի մը« որ արդէն իսկ իր վերազարթօնքի ճամբուն մէջ կը գտնուի» ըսաւ ան« որուն թելադրիչ խօսքերը դիմաւորուեցան բուռն ծափահարութեամբ:

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ելոյթը տպաւորիչ էր: Ան յիշեց թէ 1991 թուականին« Հայաստանի անկախութենէն ետք« ինչպէս երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Տիար Գէորգ Յովնանեանը ընտրած էր որպէս կնքահայր Անկախութեան Միւռոնի օծման: «Վազգէն Կաթողիկոսը Տիար Յովնանեանի մէջ տեսաւ այն անձը` որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր իր ազգին« եւ որ օրինակ կը ծառայէր մեր յաջորդ սերունդներուն:» Ապա« խօսեցաւ թէ ինչպէս« երկրաշարժէն ետք« Տիար Յովնանեան կազմակերպեց Հայ Օգնութեան Ֆոնտը« առաջնորդեց անոր քայլերը եւ ճշդեց օգնութեան դաշտերը եւ ծրագրեց մարդասիրական յայտագիրները: «Այս աշխատանքը փորձառութեան կը կարօտէր« եւ Տիար Յովնանեան իր ուսերուն վրայ առաւ այդ ծանրութիւնը` տրամադրելով անհանար ժամեր եւ տքնաջան աշխատանք: Հայ Օգնութեան Ֆոնտը այսօր դադրած պիտի ըլլար գոյութիւն ունենալէ` եթէ Տիար Յովնանեանի առաջնորդութիւնը« տեսիլքը« նուիրումը չըլլային եւ մեր ժողովուրդին համար մեծ առաքելութեան մը վստահութիւնը չունենար ան»« ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Փոքր դադարէ մը ետք` տասը վայրկեան տեւող ժապաւէն մը ցուցադրուեցաւ «Մարդը եւ իր տեսիլքը» խորագիրով` նուիրուած Գէորգ Յովնանեանին:

Այս պահուն յայտարարուեցաւ թէ ՀՕՖ-ի Երեւանի գրասենեակներու շէնքը« որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի 2007 թուականի Յունիսին« պիտի կոչուի «Գէորգ եւ Սիրվար Յովնանեան Շէնք»: ՀՕՖ-ի Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Տոքթ. Էտկար Յովսէփեան` մասնաւոր յուշատախտակ մը յանձնեց մեծարեալին« ինչպէս նաեւ «Յայտարարագիր մը»« որուն համաձայն «Գէորգ Յովնանեան Օր» պիտի նշուի ամէն տարի ՀՕՖ-ի բոլոր գրասենեակներուն կողմէ:

Տեղեկացուեցաւ նաեւ որ Նիւ Ճըրզիի գոնկրէսմէն Ֆրանք Փալոն ի պատիւ Տիար Գէորգ Յովնանեանի շնորհաւորագիր մը տպած է Congressional Record-ին մէջ:

Յոտնկայս ծափահարութեամբ բեմ ելաւ Տիար Գէորգ Յովնանեան« որ իր իւրայատուկ համեստութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր խօսողներուն« ներկաներուն եւ Գործադիր Յանձնախումբի անդամներուն: Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց իր կողակիցին` Սիրվարդին եւ իր ընտանիքի անդամներուն` անոնց ցուցաբերած սիրոյն եւ զօրակցութեան համար:

գ * *

Այս առիթով հրատարակուած էր գեղատիպ« գունաւոր եւ պատկերազարդ յուշամատեան մը« ուր տպուած էին շնորհաւորական գիրեր եւ գրութիւն մը` Տիար Գէորգ Յովնանեանի անձին ու իրականացած երազին մասին: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Իր գիրին մէջ կ’ըսէր. «. . . Ուրախութիւն է Հայրապետիս համար այս առիթով գնահատանքի եւ բարեմաղթանքի մեր խօսքը յղել Ձեզ` սիրելի հաւատաւոր զաւակիդ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու եւ ազգային բարերարիդ« որ ծնողներից ժառանգած մեծ ու անկեղծ սէրը հարազատ ժողովրդի« մեր եկեղեցու եւ Հայրենիքի հանդէպ դարձրել էք առաջնորդող լոյսը Ձեր կեանքի ու գործունէութեան:. . . Սիրելի պրն. Յովնանեան« Միածնի Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ Հայրապետական Մեր աղօթքով առ Աստուած ի խորոց սրտի Բարձրեալ Տիրոջ օրհնութիւնն ենք հայցում Ձեզ« Տիկին Սիրվարդին եւ Ձեր ընտանեկան անդամներին եւ մաղթուն նորանոր յաջողութիւններ Ձեր եկեղեցաշէն ու ազգօգուտ գործերին:»

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն. Վ. Ռոպերթ Քոչարեան կը գրէր. «. . . Մենք ըստ արժանւոյն գնահատում ենք Ձեր վիթխարի ներդրումը եւ մասնակցութիւնը Հայաստանի վերազարթօնքի գործում: Դուք Հայաստանին էք նուիրաբերել ոչ միայն Ձեր նիւթական միջոցները« այլեւ` միտքն ու զգացումները: Տասնամեակների Ձեր իմաստալից կեանքն ու գործունէութիւնը մեծապէս նուիրուած են եղել մեր ժողովրդին: Լինելով հեռատես անհատականութիւն« գործնական ու իրատես ազգային գործիչ` Դուք նախաձեռնեցիք եւ հիմնեցիք Հայ Օգնութեան Ֆոնդը` Մայր Հայրենիքին ցուցաբերուող աջակցութիւնը համակարգուած կազմակերպելու համար:»

Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի Պատրիարք Ամեն. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան իր խօսքին մէջ կ’ըսէր. «. . . Հիմնուելով երկար տարիներու մեր բարեկամութեան վրայ` մենք կը հաստատենք որ սքանչելի անձ մը ըլլալու կողքին` Տիար Յովնանեան իրապէս նուիրեալ Քրիստոնեայ մըն է մարդասիրական եւ կարեկից սրտով: Իր նուիրումը Տիրոջ հանդէպ ի յայտ եկաւ տարիներ առաջ` երբ ինքնկամօրէն մօտեցաւ մեզի եւ փափաք յայտնեց կառուցելու եկեղեցի մը իր ծնողաց յիշատակին: Ան իր նպատակը իրագործեց Էլպըրոնի մէջ (Նիւ Ճըրզի) կառուցելով գեղեցիկ համալիր մը` Ս. Ստեփանոս Եկեղեցին եւ մշակութային կեդրոնը` հարաւային Նիւ Ճըրզիի մեր հաւատացեալներուն համար:»

* * *

Աստղաբնագէտ Դոկտ. Երուանդ Թէրզեան բոլոր ներկաներուն զգացումներուն թարգմանը հանդիսանալով ըսաւ. «Շատ յաջող եւ մեծարեալին վայել ձեռնարկ մըն էր` ջերմութեամբ եւ մտերմութեան լեցուն:Գէորգ Յովնանեան Հայաստանի եւ հայ համայնքին վրայ փայլող աստղն է:»